Յառաջիկայ 5 նոյեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ նախատեսուած
է մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար ''ընտանիքի'' մասին գումարուելիք եպիսկոպոսական
ընդհանուր Գ սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքները։ Յայտնենք որ եպիսկոպոսական
սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ 5 - 19 հոկտեմբեր 2014, եւ ունի
որպէս նիւթ` ''Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս Ընտանիքի հովուական մարտհրաւէրները''։ Մամլոյ
ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան, Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Փիդէր Էրտօ, որ նշանակուցած
է սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող, գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի` Սիւնհոդոսի Քարտուղար
եւ գերապայծառ Պրունօ Ֆորդէ` Իտալիոյ Գիէթի - Վասդօ թեմի առաջնորդ` որ նշանակուած է
վերոյիշեալ սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար։